2014-04-04 09:32:02

Երուսաղէմի կաթողիկէ համայնքապետերու կոչը` ''քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ միացէք կրօնական հալածանքի դէմ''։


''Քրիստոնեաները եւ մահմետականները պէտք են միասնաբար պայքարիլ ընդդէմ ծայրայեղութեան ու կրօնական հալածանքի նոր ոյժերու դէմ''։ Այս ցնցիչ կոչը, հրապարակուած 2 ապրիլ 2014ին, կը կրէ ստորագրութիւնը Երուսաղէմի կաթողիկէ համայնքապետերու եւ Ս. Երկրի Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն կոմիտէին։
Վաւերաթուղթը` կը մատնանշէ թէ տեղի ունեցող կրօնական հալածանքը ոչ միայն Ս. Երկրի այլ եւ Միջին Արեւելքի մէջ է, ընդգծելով որ շրջանի ծայրայեղ ոյժերը կ'աշխատին ստեղծել` առանց քրիստոնեաներու ընկերութիւն մը։ Երկու էջնոց վաւերաթուղթը ի յայտ կը դնէ թէ ինչպէս ծայրայեղ մահմետականները կ'աշխատին շահագործել իսլամութիւնը իրենց քաղաքական նպատակներուն համար։ Իրաքի, Եգիպտոսի ու Սուրիոյ մահմետական բազմաթիւ ծայրայեղներ քրիստոնեաները կը նկատեն որպէս անհաւատներ, որպէս թշնամիներ, նոյնպէս եւ կը հալածեն բոլոր այն իսլամները որոնք իրենց պէս չեն մտածեր, զանոնք համարելով որպէս ''հերետիկոսներ''։
Անոնք կը շահագործեն ներկայ արաբական աշխարհի քաղաքական անկայուն իրավիճակը եւ նեցուկը` տեղական ու միջազգային քաղաքական իշխանութիւններուն, որոնք լոկ իրենց շահերու հետամուտ են։ Կոչը կը խրախուսէ քրիստոնեաներն ու իսլամները երկու ներգործութիւններ կատարել. Առաջինը` սորվիլ միասին վերջ դնել հալածանքին, արժանաւոր ու վայելուչ կեանք մը վարելու մեր երկիրներուն մէջ։ Եկրորդ` համոզուիլ որ արտագին աշխարհը բնաւ չաշխատիր մեզ պաշտպանելու համար։ Երուսաղէմի կաթողիկէ համայնքապետերու Կոչը կ'եզրափակուի ըսելով. քրիստոնեաներն ու մահմետականները հրեաներու հետ միասին պէտք են միացնել իրենց ոյժերը կերտելու համար ընկերութիւն մը, ուր կարելի ըլլայ կողք կողքի ապրիլ եւ այսպէսով նոր սերունդները պիտի կարողանան ապրիլ, զարգանալ ու բարգաւաճիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.